2010-11-23 11:48:05

<<՝՝Լոյս Աշխարհի՝՝ Փիդր Սիվալտ-ի զրոյցը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ>>։


Այս առաւօտ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար <<Լոյս Աշխարհի՝՝քահանայապետը, եկեղեցին, եւ ժամանակի նշաններ - Փիդր Սիվալտ- ի զրոյցը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ>>տիտղոսը կրող հատորը։ Ներկաայացումը կատարեցին գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլան` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Ժողովի նախագահը եւ իտալացի ծանօթ լրագրող` Լուիճի Ագգաթթոլի-ն։Ներկայ էին նաեւ հատորին հեղինակը Փիդր Սիովալտ-ը եւ Հայր Ճիուզեփփէ Գոսդան` Վատիկանի Հրատարակչական Տան տնօրէնը որ հատորը հրատարակած է։
Այս երրորդ զրոյց-գիրգն է որ Սիվալտը կը հրատարակէ Պենետիկտոս ԺԶրդ Սրբազան Քահանայապետին հետ զրուցելով ու անդրադառնալով եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներու մասին։ Առաջին երկուքը լոյս տեսած են երբ Պենետիկտոս ԺԶրդ տակաւին Կարտինալ էր։
Սիվալտը յայտարարած է թէ Սրբազան Քահանայապետը ոչ մէկ փոփոխութեան չէ առաջարկած եւ թէ յստակ ու անկեղծօրէն պատասխանած է հարցումներուն։ Հարցումներ որոնք կը հային Սրբազան Քահանայապետի անձնական կեանքին ինչպէս իր սիրած ֆիլմերը եւ կամ երաժշտական ասպարեզը ու նաեւ քահանայապետական ընտրութեան եւ քահակալութեան վերաբերող անցուդարձեր մինչեւ այսօրուայ եկեղեցին յուզող տագնապները։ Այսպէս Նորին Սրբութիւնը կը խոստովանի թէ երբեք չեր սպասեր որ իր եղբայրակից կարտինալները զինք ընտրէին որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, կը յուսայի -ըսած է ան- խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն գտնել։ Բայց այն օրէն որ քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունեցայ իմ կեանքս դրի Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Ես չեմ ընտրողը կը նախնտրեմ առաջնորդուիլ։ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի նաեւ եկեղեցւոյ դէմ մղուած պայգարին ու կ՛անդրադառնայ այսօրուայ քրիստոնեաներու կեանքի իրավիճակի մասին ու Աստուծոյ վերադառնալու անհրաժեշտութեանը։ Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ հաւատացեալները ըլլալու խոնարհ ու վստահիլ թէ Տէրը հակարակ մարդկային տկարութիւններուն երբեք մեզ չի լքեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.